Շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 2017-ին, Մանարայի դաշտին վրայ սկիզբ առաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր:
Առաջին օրը տեղի ունեցան չորս, իսկ երէկ` երկու մրցումներ:
Առաջին օրուան երեք մրցումներէն ետք տեղի ունեցաւ մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին երեսփոխան Պահիա Հարիրի յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը: Յատուկ յուշանուէր մը տրուեցաւ նաեւ իրաւարար Ռապպահ Նըժէյմի, որ երկար տարիներ լիբանանեան պասքեթպոլի մարզին մէջ ունեցած է իր ներդրումը:
Բացման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ առաջին օրուան չորրորդ եւ վերջին մրցումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ 89-51 յաղթեց Սըրրիեթ Ռամալլայի (Պաղեստին): Նշենք, որ պաղեստինեան կազմէն ելոյթ ունեցան Ճէյ Եանկպլատ եւ Սանի Սաքաքինի:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Պէյրութի կազմը, որ 69-56 արդիւնքով յաղթեց «ԱԷՔ» Լառնաքայի (Կիպրոս):
Լիբանանեան երրորդ խումբը` տիտղոսակիր ՀՄԸՄ, 67-60 արդիւնքով (15-6, 24-22, 16-19 եւ 12-13) պարտութեան մատնեց Մուժամաա Փեթրոլին (Թունուզ):
ՀՄԸՄ-էն Սամուէլ Թոմսըն նշանակեց 18 կէտ, Հայկ Կէօքճեան` 16, մինչ Էլի Շամուն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով նշանակեց 15 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ:
Բացման առաջին մրցումին ուքրանական Չերքասի խումբը 77-48 արդիւնքով յաղթեց թունուզեան Տալիայի:
Ինչ կը վերաբերի այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին տեղի ունենալիք մրցումին, Մուժամահ Փեթրոլի կը մրցի «ԱԷՔ» Լառնաքայի դէմ, իսկ օրուան երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ երեկոյեան ժամը 20:30-ին իր դէմ կ՛ունենայ Պէյրութը, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 2017-2018 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ: