
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց աւարտականի ճակատումը պիտի ըլլայ զուտ ամերիկեան` կիսաւարտականին նման:
24 տարեկան Սլոան Սթեֆընս ապահովեց իր տոմսը, երբ 6-1, 0-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց 9-րդ դասուած Վինըս Ուիլիըմզին: Ան դասուած է 83-րդ:
Ան այժմ պիտի ճակատի 15-րդ դասուած Մետիսըն Քիզի դէմ, որ 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց 20-րդ դասուած Քոքօ Վանտեվեկէի:
Աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող վերոնշեալ մարզիկներէն ո՛վ որ ալ ըլլայ տիտղոսակիրը, ան առաջին անգամ ըլլալով պիտի բարձրացնէ մրցաշարքին տիտղոսը: