Մարզական

Մինի Ֆութպոլի Իւրայատուկ Մրցաշարք. Արտերկրի Մէջ Բնակող Լիբանանցիներուն Համար

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 26-29 հոկտեմբերին Աթլեթիքօ ակումբի դաշտերուն վրայ (Տըպպայէ) տեղի պիտի ունենայ մինի ֆութպոլի իւրայատուկ մրցաշարք, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արտերկրի մէջ բնակող լիբանանցիները: Մրցաշարքին պիտի մասնակցին եօթը խումբեր, որոնց կու գայ միանալու տեղական խումբ մը եւս: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Նշենք, որ այս մրցաշարքը կը կազմակերպէ Պասսամ Թըրք,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած արդիւնքները, քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը եւ հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Նըժմէ, Անսար Նեպի Շիթի եւ Պըրժ հինգ հարիւր հազարական լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան իրենց համակիրներուն պատճառով: Ֆետերասիոնը ազդարարեց Անսարի նախագահ` Նեպիլ Պատըրը, իր կատարած յայտարարութեան համար: Ահլի Նապաթիէի պատասխանատուներէն Մըհսէն Սապահ վեց ամիսով կախակայուեցաւ, մինչ Մապարրայի...

Ասիական 5-րդ Խաղեր-Աշխապատ.  Պաշտօնական Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Ասիական 5-րդ Խաղեր-Աշխապատ. Պաշտօնական Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Լիբանան Առաջին Օրը Տիրացաւ Պրոնզէ Մետալի Մը Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ, հանդիսաւոր արարողութենէ մը ետք, պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան ասիական 5-րդ խաղերը, որոնք կ՛երկարին մինչեւ 27 սեպտեմբեր եւ տեղի կ՛ունենան միայն փակ մարզադաշտերու մէջ: Բացօթեայ մրցումներ չկան: Բացման արարողութենէն ետք, խաղերուն առաջին օրը Լիբանան տիրացաւ իր առաջին պրոնզէ մետալին, շնորհիւ Ժատ Ֆատելի, որ Ժիւտոյի մրցումներուն հասաւ մինչեւ կիսաւարտական, ուր պարտուեցաւ իրանցի...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք. Հրապարակուեցաւ Մրցումներուն Յայտագիրը

Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքին կազմակերպիչները երէկ հրապարակեցին մրցումներու յայտագիրը` ճշդելով անոնց թուականներն ու ժամերը: Ինչպէս ծանօթ է, մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր` ներկայութեամբ անոր մասնակցող եօթը ակումբներուն ներկայացուցիչներուն: Ստորեւ` մրցումներուն վիճակաձգութիւնը. ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 25 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ Պէյրութ - Շանվիլ (Ա. խմբակ) 19:00 Պիպլոս - Լուէյզի (Ա. խմբակ) 21:00 ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ Լուէյզի - Պէյրութ (Բ. խմբակ) 19:00 Անթունիէ...

Լիբանանեան Աղջկանց Ֆութպոլ. Զուք Մոսպեհ` Լիբանանի Գերբաժակակիր

Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին նախօրեակին, Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց գերբաժակի մրցաշարքին ճակատումը` Լիբանանի ախոյեանին եւ բաժակակիրին միջեւ: Լիբանանի բաժակակիր Զուք Մոսպեհ տիրացաւ տիտղոսին` 5-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սթար Աքատեմիին: Մրցումին աւարտին Զուք Մոսպեհի խմբապետ Նենսի Չայլեան, տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ Համբիկ Միսաքեանէն: Այս շաբաթավերջին կը սկսի աղջկանց նոր տարեշրջանը, երբ տեղի...

Պասքեթպոլ. Ռիատիի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Չինաստան

Երէկ` երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Ռիատիի տղոց պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Չինաստան` հոն մասնակցութիւնը բերելու համար 22-30 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Ռիատի, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Շապապ Ահլի Տուպայը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), «Օ. Էն. Ճի. Սի.»-ն (Հնդկաստան), Տասին Թայկըրզը (Թայուան) եւ Չայնա Քաշղարը (Չինաստան): Իսկ Ա. խմբակին մէջ են Ասթանա (Ղազախստան), Մոնօ Վամփիր...

Պսալիմ-2017-ի Պասքեթպոլի Ամառնային Բանակումը Հասաւ Իր Լրումին

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, Պսալիմի քաղաքապետութիւնը կազմակերպեց պասքեթպոլի իր տարեկան ամառնային բանակումը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Ամառնային այս բանակումին մասնակցեցան աւելի քան երեք հարիւր երկսեռ պասքեթպոլ խաղացողներ: Անոր փակման հանդիսութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ Պսալիմի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան եւ քաղաքապետական խորհուրդի այլ անդամներ, տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի իւրայատուկ մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին անցեալի պասքեթպոլի մարզիկներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մը...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Հրապարակեց Լրագրողներուն  Վերաբերող Միջոցառում

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Մամլոյ Ասուլիս` Թենիսի Միջազգային Երկու Մրցաշարքերու Վերաբերեալ

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 22 սեպտեմբերէն 8 հոկտեմբեր երկարող ժամանակամիջոցին, ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք) տեղի կ՛ունենան թենիսի միջազգային երկու մրցաշարքեր («Այ. Թի. Էֆ.»)` հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, ինչպէս նաեւ միջազգային թենիսի ֆետերասիոնին: Կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու եւ մրցաշարքերուն գծով օրէնքները բացատրելու նպատակով, այսօր` չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Ճերմակ Քարերով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Լակրաւի Հետ

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին դասական մրցումին, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (2802) ճերմակ քարերով մրցեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւի Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւի (2804) դէմ: 32-րդ շարժումին երկու կրանտմասթըրները համաձայն գտնուեցան հաւասարութեան: Այսօր` չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ երկրորդ մրցումը: Հաւասարութեան պարագային տեղի պիտի ունենայ թայ-պրէյքի մրցումը, վաղը` հինգշաբթի: Նշենք, որ երէկ հաւասարութեամբ...

Ուէյն Ռունիին Արգիլուեցաւ 2 Տարի Ինքնաշարժ Վարել

Անգլիական դատարանը Էվըրթընի յառաջապահ Ուէյն Ռունիին արգիլեց 2 տարի ինքնաշարժ վարել` անոր ունեցած արտօնագիրը սառեցնելով, նկատի ունենալով, որ փաստուած էր, թէ ան ալքոլ խմած վիճակին մէջ ինքնաշարժ վարած էր: Բացի ատկէ, դատարանը անոր պարտադրեց 100 ժամ հանրօգուտ հարկադիր չվարձատրուող աշխատանք կատարել: Ռունի իր կատարած այս արարքին համար ներում հայցեց: Նախորդ 1 սեպտեմբերին տեղի ունեցած այս միջադէպէն ետք, անոր յղի կինը,...

Տեմփելէ Մինչեւ Յունուար Պիտի Բացակայի Պարսելոնայէն

Պարսելոնայի յառաջապահ Ուսման Տեմփելէ, որ Ֆինլանտայի մէջ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, մինչեւ յունուար 2018 պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Կեթաֆէի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին: 20 տարեկան Տեմփելէն իր կազմին միացնելու համար, Պարսելոնա անոր ակումբին Պորուսիա Տորթմունտին վճարեց 105 միլոն եւրօ:

Քարվախալ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Տանիել Քարվախալ իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2022 երկարաձգեց իր ակումբին հետ: 25 տարեկան ֆութպոլիստին նախորդ պայմանագրութիւնը կ՛երկարէր մինչեւ 2020: Քարվախալ, որ ակումբին սաներէն է, Պայէր Լեւերքուզընէն արքայական ակումբ վերադարձաւ 2013-ին: Ան Ռէալի հետ 167 պաշտօնական մրցումի ընթացքին նշանակած է 4 կոլ եւ կատարած 26 էսիսթ:

Հանրի Շալհուպի Անուան 3-րդ Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ, Անթունիէ Եւ Մութթահետ`  Նոյն Խմբակին Մէջ

Հանրի Շալհուպի Անուան 3-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ, Անթունիէ Եւ Մութթահետ` Նոյն Խմբակին Մէջ

Մասնակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող եօթը խումբերու, 25 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր տեղի կ՛ունենայ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը` Շիահի դաշտին վրայ: Երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը` հետեւեալ ձեւով. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Պէյրութ, Պիպլոս, Լուէյզի եւ Շանվիլ: Բ. ԽՄԲԱԿ.- Անթունիէ, Մութթահետ եւ ՀՄԸՄ: Այս վիճակաձգութեան ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի,...

ԱՀՏ Չմասնակցեցաւ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն – Ա. Դասակարգի Ակումբներ Ժողովին

Երէկ` երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ ժողով մը Ա. դասակարգի ակումբներուն միջեւ, գլխաւորաբար քննարկելու համար 2017-2018 տարեշրջանին դաշտերու մուտքի սակը հինգ հազար լիբանանեան ոսկիէն տասը հազար լիբանանեան ոսկիի բարձրացնելու հարցը: Այս ժողովէն բացակայեցաւ Ահտ ֆութպոլի ակումբի նախագահ, փաստաբան Թամիմ Սլէյման, որ յայտնեց, թէ չ՛ուզեր մասնակցիլ անոր:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մուսա Մաքքէ Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Մուսա Մաքքէ երէկ յայտարարեց, որ կը հրաժարի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին անձնակազմէն` յոգնածութեան պատճառով: Յայտնենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Մաքքէ միեւնոյն ժամանակ լիբանանեան ֆութպոլի դաշտերու յանձնախումբին նախագահն է:  

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արոնեանի Կիսաւարտականի Մրցակիցը` Ֆրանսացի Լակրաւ

Թիֆլիսի մէջ իր աւարտին հասնող ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ: Ֆրանսացի կրանտմասթըրը թայ-պրէյքով յաղթեց ռուս Փիթըր Սվիտլերին` 1,5-0,5 արդիւնքով: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ ամերիկացի Ուեսլի Սոն եւ չին Տին Լերենը: Կիսաւարտականի առաջին դասական մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին:  

Փաչաճեան Կոլի Եւ 3 Էսիսթի Հեղինակ

Շուէտի ֆութպոլի 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լինքոփինկ իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Վերմփոլսը: Լինքոփինկի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ հայրենի ֆութպոլիստ Լեւոն Փաչաճեան, որ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց կոլի երեք փոխանցում (էսիսթ): Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի միջնապահը բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ իր կազմին հետ: Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը`...

Ռուսական Ֆութպոլ. Արարատ Մոսկուա – Սարաթով` 4-0

Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արարատ Մոսկուա իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սարաթովի դէմ: Դաւիթ Դաւթեան նշանակեց յաղթական կազմին 4-րդ կոլը, մինչ նախապէս մէկական կոլ նշանակած էին Ալեքսէյ Փուքին, Իկոր Լեպետենքօ եւ Եգոր Թարաքանով: Արտակ Ալեքսանեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դաշտ չներկայացաւ Արարատի հետ: 9-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեանի կազմը`...

Եւրօ-Պասքեթպոլ. Սլովենիա` Եւրոպայի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Եւրօ-պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականին, Սլովենիա 93-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր դրացիին` Սերպիոյ դէմ, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Սլովենիոյ խմբապետը` Կորան Տրակիչ, որ մաս կը կազմէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Մայեմի Հիթին, բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ ունեցաւ իր բաժինը` նշանակելով 35 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ: Սլովենիա, առաջին անգամ ըլլալով կը...

Թոմաս Պախ. «Չեմ Երաշխաւորեր, Որ Ծանրաբարձութիւնը Նկատի Առնուի 2024-ի Ողիմպիականի Խաղերուն»

Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը մինչեւ դեկտեմբեր պէտք է Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին ներկայացնէ խթանիչ դեղերու հետ կապուած խնդիրներու լուծման ծրագիրը, ինչ որ ողիմպիական խաղերուն մէջ ծանրաբարձութեան մրցումները նկատի առնելու պայմաններէն մէկն է: «2020-ի Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն ծրագիրին մէջ ծանրաբարձութիւնը պիտի ըլլայ, սակայն երաշխիք չկայ, որ այս մարզաձեւը ներկայացուած ըլլայ 2024-ի Փարիզի ողիմպիական խաղերուն մէջ», Թոմաս Պախի խօսքերը կը մէջբերէ «Ի. Էս. Փի....

Page 928 of 1278 1 … 927 928 929 … 1,278

Արխիւներ