Շուէտի ֆութպոլի 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լինքոփինկ իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Վերմփոլսը:
Լինքոփինկի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ հայրենի ֆութպոլիստ Լեւոն Փաչաճեան, որ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց կոլի երեք փոխանցում (էսիսթ):
Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի միջնապահը բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ իր կազմին հետ:
Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 55 կէտով: