Թիֆլիսի մէջ իր աւարտին հասնող ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ:
Ֆրանսացի կրանտմասթըրը թայ-պրէյքով յաղթեց ռուս Փիթըր Սվիտլերին` 1,5-0,5 արդիւնքով:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ ամերիկացի Ուեսլի Սոն եւ չին Տին Լերենը:
Կիսաւարտականի առաջին դասական մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին: