Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Եւրօ-պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականին, Սլովենիա 93-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր դրացիին` Սերպիոյ դէմ, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Սլովենիոյ խմբապետը` Կորան Տրակիչ, որ մաս կը կազմէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Մայեմի Հիթին, բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ ունեցաւ իր բաժինը` նշանակելով 35 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ: Սլովենիա, առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեան:
Ըստ միջազգային մամուլին, Տրակիչ ազգային խումբին հետ կատարեց իր վերջին մրցումը, որովհետեւ շատ հաւանաբար ան պիտի լքէ միջազգային ասպարէզը:


