Մարզական

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Ֆրանսա – Պելճիքա Աւարտական` Յառաջիկայ Նոյեմբերին

Պելճիքա Պրիւքսելի մէջ 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աւստրալիոյ, ապահովեց թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի աւարտականին իր տոմսը, ուր 24-26 նոյեմբերին հիւրը կ՛ըլլայ Ֆրանսայի: Վերջինս աւարտականի իր տոմսը ապահովեց` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սերպիոյ: 9 անգամ ախոյեան հանդիսացած Ֆրանսա պիտի փորձէ տիրանալ իր 10-րդ տիտղոսին, կազմի մը դէմ, որ 2015-ին հանդիսացաւ փոխախոյեան: Այլ գետնի վրայ, «Տէյվիս Քափ»-ի տիտղոսակիր Արժանթին, խմբակներու դրութեամբ տեղի...

Շթութկարթի Խմբապետը Ծանր Վնասուածք Ստացաւ

Նախորդ շաբաթավերջին, «Պունտըսլիկա»-ի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Շթութկարթի խմբապետ Քրիսթիան Կենթնըր, բախում մը ունենալով Վոլֆսպուրկի բերդապահ Քրեն Քասթելսի հետ, ստացաւ ուղեղի ցնցում եւ դէմքի ոսկորներու կոտրուածք: Բերդապահը իր ծունկով մրցումին ընթացքին ուժգին հարուած մը հասցուց անոր դէմքին: Անոր ակումբին պատասխանատուները յայտնեցին, որ Կենթնըրը փոխադրելէ ետք հիւանդանոց, հոն կատարեցին յատուկ քննութիւններ, որպէսզի աւելի ուշ ան վիրաբուժութեան ենթարկուի: Անոր առողջական վիճակը բաւական...

Հեծելարշաւ. Ճամբու Աշխարհի Ախոյեանութիւն. «Սանուեպ»-ի Զոյգ Խումբը Ժամացոյցի Դէմ Մրցումին` Առաջին

Նորվեկիոյ Պերկեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հեծելարշաւի ճամբու աշխարհի ախոյեանութեան առաջին օրը ժամացոյցի դէմ մրցումին տիրապետեց գերմանական «Սանուեպ» խումբը` նկատի ունենալով, որ անոր տղոց եւ աղջկանց խումբերը գրաւեցին դասաւորման առաջին դիրքը: Անոր տղոց խումբը, որ արձանագրեց 47' 50" արդիւնք մը, իր ետին ձգեց ամերիկեան «Պի. Էմ. Սի. Ռէյսինկ» խումբը (8" ուշ) եւ անգլիական «Թիմ Սքայ»-ը (22" ուշ): Վերջինիս մաս կը...

Մանուէլ Նէօյըր Քանի Մը Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Տը Պիլտ» կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ եւ խմբապետ Մանուէլ Նէօյըր քանի մը ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, ոտքին կոտրտուքէն ապաքինելու համար: 31 տարեկան Նէօյըր նախորդ տարեշրջանին եւս վիրաւորուեցաւ եւ շուրջ մէկ ամիսով բացակայեցաւ դաշտերէն:

2017-ի Ասիական 5-րդ Խաղեր. Այսօր` Լիբանան – Ճափոն Ֆութսալի Մրցումը

Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցող 2017-ի ասիական 5-րդ խաղերուն, այսօր` երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 11:15-ին Ճափոնի դէմ կը կատարէ իր առաջին մրցումը: Այս խաղերը կ՛աւարտին 27 սեպտեմբերին: Լիբանանի իրանցի մարզիչ Շեհապէտտին Սովալմանիչ յայտնեց, որ անհրաժեշտ բոլոր փորձերը կատարուեցան` այս խաղերուն լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:

Լիբանանեան Ֆութպոլ Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ 4-0

Ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին սկսած Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին մրցումները շարունակուեցան շաբաթ եւ կիրակի օրերը: Ախա Ահլի Ալէյ, որ հիւրընկալեց Ռասինկը, պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ 88-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը: Իսկ Զղարթայի մէջ, Սալամ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Սաֆայէն: Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սայտայի քաղաքապետարանի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Յաղթեց Էվըրթընին (4-0). Մխիթարեան` Կոլի Հեղինակ

Հենրիխ Մխիթարեան Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Եունայթըտ եւ Սիթի, բաւական տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին Էվըրթընի (4-0) եւ Ուաթֆորտի (6-0) դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, նշանակեց Եունայթըտի երկրորդ կոլը (83-րդ): Ան 5 վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ: Սիթիէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Սերճիօ Ակուերօ: Իտալիոյ...

Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք.  Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը

Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պէյրութի ակումբը այսօր` երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին կը յայտարարէ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի տարեկան մրցաշարքը, որ կը սկսի 24 սեպտեմբերին: Կը կարծուի, որ նախորդ տարիներուն նման, այս մրցաշարքը դարձեալ պսակուի յաջողութեամբ` նկատի ունենալով, որ խումբերուն մէջ միշտ ալ ներկայ եղած է մարզական ոգին եւ ծաւալած է պայքար` միայն տիտղոսին տիրանալու համար:  

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ Վաղը Կը Մեկնի Չինաստան

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ վաղը կը մեկնի Չինաստան: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22-30 սեպտեմբերին: Բ. խմբակին մէջ, Ռիատի իր դէմ պիտի ունենայ Չայնա Քաշղարը (Չինաստան), Աուան Ճի. Սի.-ն (Հնդկաստան), Ահլին (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եւ Տասին Թայկըրզը (Թայուան): Ռիատիի առաջին մրցակիցն է Ահլի (23 սեպտեմբերին): Իւրաքանչիւր խմբակէն (ընդամէնը` 5 խմբակ) չորս խումբ...

«Մոսկուա-2017». Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ռուսիա

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ռուսիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Մոսկուայի 2017»-ի խաղերուն, որոնք կը սկսին վաղը` երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին: Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 51 անձերէ: Համալսարանը կը մասնակցի տղոց ու աղջկանց վոլիպոլի եւ աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ քաջալերող պարի խումբի (Չիր Լիտինկ): Պատուիրակութեան նախագահն է համալսարանի մարզական բաժանմունքի տնօրէն Ճօ Մուժահես: Ան ըսաւ,...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Հասաւ Կիսաւարտականին

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` պարտութեան մատնելէ ետք ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքը եւ արձանագրելով 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսաւարտականին Արոնեան իր դէմ պիտի ունենայ ռուս Փիթըր Սվիտլեր - ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւ մրցումին յաղթականը: Կիսաւարտականի յաջորդ զոյգը կը կազմեն ամերիկացի Ուեսլի Սօ եւ չին Տին Լիրեն:

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Սոնա Ասատրեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ռումանիոյ մէջ աւարտած ճատրակի տարբեր տարիքային խումբերու Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութիւններուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջէն գերազանց արդիւնք արձանագրեց Սոնա Ասատրեան, որ մասնակցեցաւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով` Սոնա Ասատրեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: 16 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Աննա Մ. Սարգսեան 7 կէտով բաժնեց 2-4 դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշով ան ճանչցուեցաւ չորրորդ:

«Ֆորմիւլա-1».  Հեմիլթընի 7-րդ Յաղթանակը 2017 Տարուան Ընթացքին

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթընի 7-րդ Յաղթանակը 2017 Տարուան Ընթացքին

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2017 տարուան ախոյեանութեան` Սինկափուրի կրան փրիին յաղթականը եղաւ, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, որ այսպիսով այս տարուան իր 7-րդ յաղթանակը արձանագրեց, իսկ 60-րդը` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: Ան արձանագրեց 2 ժամ 03' 2" արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի աւստրալիացի վարորդ Տանիել Ռիքիարտօ (4" ուշ), իսկ երրորդ դիրքը` Հեմիլթընի ֆինլանտացի խմբակից Վալթերի Պոթթաս (8" ուշ): Նշենք, որ մրցումին...

Իսքօ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Իսքօ մինչեւ 2022 նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին հետ, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ 2022 մնալ արքայական ակումբին հետ: 25 տարեկան Իսքոյի պայմանագրութիւնը սկզբունքով կ՛աւարտէր յառաջիկայ տարուան ամրան: Իսքօ, որ 2013-ին Մալակայէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ, իր կազմին հետ կատարած 197 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 34 կոլ եւ 46 էսիսթ: Մայրաքաղաքի կազմը յայտնեց, որ Իսքոյի հրաժարագինը կը կազմէ 700...

Նշմար. Յաղթական Սկիզբ` Ա. Դասակարգ Բարձրանալու Նպատակով

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Երէկ` ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ տեղի ունեցած բացման մրցումներով: Այդ մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը: Այսօր` շաբաթ, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, մրցում ունի կատարելիք նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, երբ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ճակատի Ահլի Սայտայի դէմ: Բնականաբար, նոր տարեշրջանին պատրաստուելու համար, բոլոր խումբերուն նման ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Մրցումը` Ժամը 15:30-ին

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը երէկ բացուած յայտարարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ տեղի ունեցան մէկական մրցումներ: Մարզական աւանին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 23:00-ին աւարտեցաւ Ահտ - Նըժմէ մրցումը` 2-2 հաւասարութեամբ: Իւրաքանչիւր կիսախաղի նշանակուեցաւ երկու կոլ: Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգի մրցումին, նոր Բ. դասակարգ բարձրացած Պըրժ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մապարրային: Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Չելսի – Արսենալ Լոնտոնեան Տերպին

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ: Անգլիոյ մէջ բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ լոնտոնեան տերպին, երբ վաղը Չելսի հիւրընկալէ Արսենալը: Վաղուան ճակատումներուն շարքին է նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Էվըրթըն մրցումը: Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, հինգ կարեւոր երկիրներուն մէջ ցարդ իրենց կատարած մրցումներէն առաւելագոյն կէտը ապահոված են Եուվենթուս, Նափոլի, Ինթեր Միլան, Պարսելոնա, Ռէալ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Սահել Ներկայացուց 2017-2018 Տարեշրջանին Իր Կազմը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Շապապ Սահել իր դաշտին վրայ (Հարեթ Հըրէյք) ներկայացուց իր կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին: Ակումբի նախագահ Ֆետի Ալամէ յայտարարեց, որ խումբը շատ արագ պիտի վերադառնայ Ա. դասակարգ` բոլորին միացեալ աշխատանքով: Ապա ներկայացուեցան խումբին մարզիկները եւ մարզիչ Մահմուտ Համմուտը: Այս առիթով Շապապ Սահելի խմբապետ Զուհէյր Ապտալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք...

Փինկ Փոնկ. Տղոց Եւ Աղջկանց Կրտսերներու Ախոյեանութեան Խառն Զոյգի Եւ Զոյգի Մրցումներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու ախոյեանութեան խառն զոյգի եւ զոյգի մրցումները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Հասան Շըպիպ եւ Մոհամետ Մընթեշ (Ղատիր Ժըպշիթ) - Ղալեպ Ֆահըս (Ժընուպ Թուլ) եւ Սաատէտտին Հապաշ (Ահլի Սայտա) 3-2 (ախոյեան) Ատնան Հապաշ (Ահլի Սայտա) եւ Ատամ Տիշարի (Լիուա Սայտա). ինչպէս նաեւ Ալեք Տըրզի (Անդրանիկ) եւ...

«Ճիմնազիատ-2017». Լիբանան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը` Մրցումներուն Աւարտին

Ինչպէս ծանօթ է, անցնող 5-6 օրերուն Լիբանան հիւրընկալեց «Ճիմնազիատ-2017»-ի խաղերը` տարիքային տարբեր դասակարգերու մէջ (տղաք եւ աղջիկներ): Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական 6 երկիրներ` 10-էն 16 տարեկան մասնակցողներով: Տեղի ունեցան մարմնամարզութեան, աթլեթիզմի եւ լողարշաւի մրցումներ: Մրցումներուն աւարտին այս խաղերու ընդհանուր տնօրէն Մազեն Քպէյսի, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանան եկած բոլոր պատուիրակութիւններուն: Մետալներուն վերջնական դասաւորումը պարզեց հետեւեալ պատկերը. ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ...

Page 929 of 1278 1 … 928 929 930 … 1,278

Արխիւներ