 Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 26-29 հոկտեմբերին Աթլեթիքօ ակումբի դաշտերուն վրայ (Տըպպայէ) տեղի պիտի ունենայ մինի ֆութպոլի իւրայատուկ մրցաշարք, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արտերկրի մէջ բնակող լիբանանցիները:

Մրցաշարքին պիտի մասնակցին եօթը խումբեր, որոնց կու գայ միանալու տեղական խումբ մը եւս:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը կը կազմակերպէ Պասսամ Թըրք, որ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան նախագահն է:
Ան յոյս յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցող մրցաշարքը կը պսակուի յաջողութեամբ: