Մասնակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող եօթը խումբերու, 25 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր տեղի կ՛ունենայ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը` Շիահի դաշտին վրայ:
Երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը` հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Պէյրութ, Պիպլոս, Լուէյզի եւ Շանվիլ:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Անթունիէ, Մութթահետ եւ ՀՄԸՄ:
Այս վիճակաձգութեան ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, միութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնակցող եօթը ակումբներու նախագահներն ու ներկայացուցիչները եւ մարզական լրագրողներ:
Մրցաշարքը կազմակերպող եւ Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ ըսաւ, որ երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին յատկացուած են նիւթական պարգեւներ: Տիտղոսին տիրացողը պիտի ստանայ 50 հազար տոլար, իսկ փոխախոյեան հանդիսացողը` 25 հազար տոլար:
Ապա խօսք առին Փիեռ Քախիա եւ Զէյտ Խիամի, որոնք դրուատեցին Հաքիմի առած այս յանդուգն քայլը` շատ օրինաւոր ձեւով կազմակերպելով այս մրցաշարքը: