Անգլիական դատարանը Էվըրթընի յառաջապահ Ուէյն Ռունիին արգիլեց 2 տարի ինքնաշարժ վարել` անոր ունեցած արտօնագիրը սառեցնելով, նկատի ունենալով, որ փաստուած էր, թէ ան ալքոլ խմած վիճակին մէջ ինքնաշարժ վարած էր:
Բացի ատկէ, դատարանը անոր պարտադրեց 100 ժամ հանրօգուտ հարկադիր չվարձատրուող աշխատանք կատարել:
Ռունի իր կատարած այս արարքին համար ներում հայցեց:
Նախորդ 1 սեպտեմբերին տեղի ունեցած այս միջադէպէն ետք, անոր յղի կինը, իր երեք զաւակները առած հեռացաւ տունէն` նկատի ունենալով, որ անոր ինքնաշարժին մէջ եղած էր այլ կին մը:
Այժմ Ռունի կ՛ապրի իր ծնողքին հետ:


