Երէկ` երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ ժողով մը Ա. դասակարգի ակումբներուն միջեւ, գլխաւորաբար քննարկելու համար 2017-2018 տարեշրջանին դաշտերու մուտքի սակը հինգ հազար լիբանանեան ոսկիէն տասը հազար լիբանանեան ոսկիի բարձրացնելու հարցը:
Այս ժողովէն բացակայեցաւ Ահտ ֆութպոլի ակումբի նախագահ, փաստաբան Թամիմ Սլէյման, որ յայտնեց, թէ չ՛ուզեր մասնակցիլ անոր: