Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, Պսալիմի քաղաքապետութիւնը կազմակերպեց պասքեթպոլի իր տարեկան ամառնային բանակումը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Ամառնային այս բանակումին մասնակցեցան աւելի քան երեք հարիւր երկսեռ պասքեթպոլ խաղացողներ:
Անոր փակման հանդիսութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ Պսալիմի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան եւ քաղաքապետական խորհուրդի այլ անդամներ, տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի իւրայատուկ մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին անցեալի պասքեթպոլի մարզիկներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մը ներկաներուն, մարզիկներուն եւ անոնց ծնողներուն ներկայութեան:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք այս առիթով խօսք առնելով ըսաւ, որ Պսալիմի քաղաքապետութեան 2017-ի ամրան տարբեր տեսակի մարզական նախաձեռնութիւնները կը նկատուին մեծապէս քաջալերելի եւ խրախուսիչ:
Իր խօսքին աւարտին Ռըզք ըսաւ, որ այլ քաղաքապետութիւններ եւս պէտք է հետեւին Պսալիմի քաղաքապետութեան օրինակին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ մետալներու եւ յուշանուէրներու բաշխում:


