Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արարատ Մոսկուա իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սարաթովի դէմ:
Դաւիթ Դաւթեան նշանակեց յաղթական կազմին 4-րդ կոլը, մինչ նախապէս մէկական կոլ նշանակած էին Ալեքսէյ Փուքին, Իկոր Լեպետենքօ եւ Եգոր Թարաքանով:
Արտակ Ալեքսանեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դաշտ չներկայացաւ Արարատի հետ:
9-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեանի կազմը` Արարատ, 23 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:


