Լիբանան Առաջին Օրը Տիրացաւ
Պրոնզէ Մետալի Մը

Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ, հանդիսաւոր արարողութենէ մը ետք, պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան ասիական 5-րդ խաղերը, որոնք կ՛երկարին մինչեւ 27 սեպտեմբեր եւ տեղի կ՛ունենան միայն փակ մարզադաշտերու մէջ: Բացօթեայ մրցումներ չկան:
Բացման արարողութենէն ետք, խաղերուն առաջին օրը Լիբանան տիրացաւ իր առաջին պրոնզէ մետալին, շնորհիւ Ժատ Ֆատելի, որ Ժիւտոյի մրցումներուն հասաւ մինչեւ կիսաւարտական, ուր պարտուեցաւ իրանցի իր մրցակիցէն` 99-0 արդիւնքով:
Ֆատել քառորդ աւարտականին նոյն արդիւնքով յաղթած էր իր ուզպեք մրցակիցին:
Նոյն մարզաձեւին մէջ, Յարութ Քարակուլեան նոյն արդիւնքով պարտուեցաւ պահրէյնցի իր մրցակիցէն` 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Աթլեթիզմի մրցումներուն, Ահմետ Հազեր 60 մեթր վազքի մրցումներուն, շրջանցելով Ա. հանգրուանին արգելքը, ապահովեց աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը պարտութեամբ սկսաւ այս խաղերը, երբ տեղի տուաւ Ճափոնի դիմաց` 5-2 արդիւնքով: Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Ալի Թանիշ եւ Ահմետ Խէյրէտտին:


