Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յաջողեցաւ կարեւոր իրագործում մը կատարել, որովհետեւ իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու 2019-ի լեռնային հեծելարշաւի Ասիոյ ախոյեանութիւնը:
Լիբանան այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը ստացաւ Նորվեկիոյ մէջ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի համագումարին ընթացքին:
Յայտնենք, որ Լիբանան արդէն իսկ իրաւունք ստացաւ հիւընկալելու 2018-ի լեռնային հեծելարշաւի Արաբական ախոյեանութիւնը:
Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած այդ համագումարին ֆրանսացի Տաւիտ Լապարթիեն չորս տարուան նստաշրջանի մը համար ընտրուեցաւ Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ:
Այդ համագումարին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան: