Ահտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի Այյատ Ապտել Քարիմ նշանակուեցաւ մարզիչ Մուսա Հըժէյժի օգնական, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Ֆութպոլի մարզին մէջ բաւական մեծ փորձառութիւն ունեցող Այյատ ունի ասիական Ա. Բ. եւ Գ. կարգի վկայագիրներ:
Ան անցեալին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերուն (երիտասարդներ եւ մեծեր), ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին` 1997-էն 2005: