Այսօր` ՀՄԸՄ – Մութթահետ Եւ
Շանվիլ – Պիպլոս
Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքին երկրորդ օրը` երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 81-66 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լուէյզին: Վերջինս, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր առաջին պարտութիւնը:
Հակառակ իրենց կազմին կրած պարտութեան, Թրէյվիս Ֆրանքլին (25 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ Պրենտըն Մոպլի (13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) տապըլ-տապըլ իրագործեցին, իսկ Պէյրութէն Քէանու Փոսթ նշանակեց 24 կէտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պէյրութ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Այսօր անոր կրնայ միանալ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, անշուշտ եթէ արձանագրէ իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ` Մութթահետի դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին:
Երէկ, ՀՄԸՄ իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, որոնք իրենց կազմը քաջալերելու եկած էին, մրցումին ազդանշանը տրուելէն 45 վայրկեան առաջ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, երբ 69-55 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթունիէն:
Վերջինս 2017-2018 տարեշրջանին Պէյրութի հետ մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգին:
ՀՄԸՄ-էն Մաքրամ Պըն Ռամատան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ 22-ական կէտ նշանակեցին Ուոլթըր Հոճ (ՀՄԸՄ) եւ Քարլոս Էմորի (Անթունիէ): ՀՄԸՄ-էն երկրորդ լաւագոյն կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Իսմայիլ Ահմետ (13):
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ – Մութթահետ մրցումէն առաջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին պիտի սկսի Շանվիլ – Պիպլոս մրցումը:



