Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրտսեր պատանիներու տարիքային ախոյեանութեան (15 տարեկանէն վար), Գէորգ Ղահրամանեան տիրանալով ոսկի մետալին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Ան ընդամէնը բարձրացնելով 238 քկ (133 եւ 105) Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը:



