«Ֆութպոլ Իթալիա» հաղորդեց, որ Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անիելի մէկ տարիով զրկուեցաւ ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն:
Ասոր պատճառը այն է, որ ան Եուվենթուսի կատարած մրցումներուն տոմսերուն գծով զեղծարարութիւններ կատարած էր:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Եուվենթուս 300 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Այս լուրին ի տես, Եուվենթուս բողոքեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին` հերքելով այդ բոլոր մեղադրանքները:
Յայտնենք, որ այս ամիս Անիելի ընտրուեցաւ եւրոպական ֆութպոլի ակումբներու ֆետերասիոնի նախագահ:



