Քոսովոյի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Արմէն Գրիգորեան, երկամարտի մրցումներուն 69 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` արձանագրելով 296 քկ (134 եւ 162):
Նոյն դասակարգին մէջ, Ռաֆիկ Յարութիւնեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` արձանագրելէ ետք 295 քկ արդիւնք մը (135 + 160):
Նախապէս, 15 տարեկանէն վար դասակարգին
մէջ, Գէորգ Ղահրամանեան (69 քկ) Հայաստանի համար ապահոված էր առաջին ոսկի մետալը:
Իսկ 17 տարեկանէն վար Բաբգէն Բագրատեան (62 քկ) տիրացաւ արծաթէ մետալի, Արա Պօղոսեան (15 տարեկանէն վար)` ոսկի մետալի (50 քկ) եւ Մոնթէ Մխիթարեան (17 տարեկանէն վար, 50 քկ)` արծաթ մետալի:



