Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (2802) եւ Չինաստանի ամէնէն զօրաւոր կրանտմասթըր Տին Լիրեն (2771) աշխարհի բաժակի տիտղոսին համար իրենց մղած պայքարը ցարդ չեն աւարտած, որովհետեւ անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ թայ-պրէյքի ճակատագրական մրցումը:
Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, աւարտականի դասական չորս մրցումներէն վերջինը եւս երէկ աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` 52-րդ շարժումին:
Հայրենի կրանտմասթըրը կը մրցէր սեւ քարերով:
Թայ-պրէյքի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին եւ պիտի յստականայ աշխարհի բաժակակիրին անունը:



