Այսօր` ՀՄԸՄ-Անթունիէ

PROFOTO
Երէկ` երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին, սկիզբ առաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը, որ տեղի կ’ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ` մասնակցութեամբ եօթը խումբերու:
Բացման մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պէյրութը եւ Շանվիլը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 71-68 արդիւնքով (21-19, 16-14, 11-17 եւ 23-17):
Այս բաւական հետաքրքրական ճակատումին Պէյրութ ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը, մանաւանդ Քրիս Քրոֆորտ նշանակեց 24 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ: Շանվիլէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 19 կէտ, իսկ Ահմետ Իպրահիմ` 9:
Երէկուան երկրորդ զոհը հանդիսացաւ Պիպլոս, որ 79-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լուէյզիէն: Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Թրէյվիս Ֆրանքլին, որ ի նպաստ Լուէյզիի նշանակեց 31 կէտ:
Այսօր` երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, երէկուան երկու յաղթականները` Պէյրութ եւ Լուէյզի կը ճակատին իրարու դէմ:
Իսկ երեկոյեան ժամը 21:00-ին տեղի կ’ունենայ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար սպասուած մրցումը, երբ ՀՄԸՄ-ի կազմը կը ճակատի Անթունիէի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ’ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


