Պորուսիա Տորթմունտի 17 տարեկանէն վար խումբին ռմբաձիգն է 12 տարեկան Եուսուֆ Մուքոքօ: Արմինիա Պիլըֆելտի դէմ իր կազմին կատարած վերջին մրցումին (3-1), ան իրագործեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ հեթրիքը: Ան առիթով մըն ալ նշանակեց 4 կոլ:
Ան ցարդ 7 մրցումի ընթացքին նշանակած է 16 կոլ` Գերմանիոյ ֆութպոլի պատանեկան ախոյեանութեան:
Մուքոքօ ունի գերմանական եւ քամերունեան քաղաքացիութիւն:



