Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ:
Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Անթունիէն, մինչ Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) Մութթահետ` Պիպլոսը:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Պատկերասփիւռի կայաններէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումը պիտի ըլլայ Մութթահետ – Պիպլոս հանդիպումը:
Այս հանգրուանէն յետաձգուած ՀՄԸՄ – Լուէյզի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Վաղը` շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Լուէյզի – Պէյրութ բացման մրցումով կը սկսի 4-րդ հանգրուանը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Լուէյզիի դաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ) եւ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: