Անցեալին աղջկանց թենիսի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի անուանի թենիսվումըն Մարթինա Հինկիս յայտարարեց, որ Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքէն ետք դարձեալ պիտի աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
37 տարեկան Հինկիս տիրացած է հինգ կրան շլեմի տիտղոսներու, 13 անգամ զոյգի, իսկ 7 անգամ խառն զոյգի տիտղոսներու ալ տիրացած է:
2013-ին ան երրորդ անգամ ըլլալով վերսկսաւ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին: