Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, որ կը սկսի 27 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Հերսոնիսոս քաղաքին մէջ (Յունաստան)` մասնակցութեամբ տղոց 39 եւ աղջկանց 32 խումբերու:
Հայաստանի տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:
Իսկ աղջկանց հաւաքականը ելոյթ կ՛ունենայ հետեւեալ ճատրակ խաղացողներով. Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Գալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Մարիա Գէորգեան:


