Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պրուքլին Նեթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան տեղի ունեցած է զուարճալի միջադէպ մը:
Թայմ-աութի մը ընթացքին, Պրուքլինի մարզիկ Թրեւոր Պուքեր մօտեցած է Քլիվլենտի պահեստին մարզիկներուն մօտ եւ մտիկ ըրած է, թէ ի՛նչ կը թելադրէ մրցակիցին մարզիչը իր մարզիկներուն:
Պուքերը նկատած են այն ժամանակ միայն, երբ ան հարցում մը ուղղած է Քլիվլենտի մարզիչին:
Այս մրցումին Քլիվլենտ պարտուեցաւ Նեթցէն` 112-107 արդիւնքով: