Մարոքի մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ երէկ գիշեր արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ իր կատարած երկրորդ մրցումին 80-68 արդիւնքով (18-19, 16-13, 20-30 եւ 14-18) պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ղարաֆան (Քաթար):
Յայտնենք, որ քաթարեան այս խումբը կը նկատուէր զօրաւոր խումբ մը, նախքան ՀՄԸՄ-ի դէմ իր կատարած մրցումը` նկատի ունենալով, որ իր կազմին մէջ ունի բաւական լաւ մարզիկներ, որոնք ստացած են քաթարեան հպատակութիւն:
ՀՄԸՄ-ի այս յաղթանակը կերտողներէն մէկը հանդիսացաւ Հայկ Կէօքճեան, որ նշանակեց 25 կէտ, որուն շնորհիւ այժմ ՀՄԸՄ կը գրաւէ իր խմբակին պարագլուխի դիրքը եւ արդէն իսկ գրեթէ ապահոված է քառորդ աւարտականի իր տոմսը` սպասելով վաղը իր կատարելիք մրցումին:
Նշենք, որ Սեմ Եանկ նշանակեց 14 կէտ, Ուոլթըր Հոճ` 15, Մաքրամ Պըն Ռամատան` 10, իսկ Էլի Շամուն` 9: