2006 թուականին էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Բոլորս ուրախ էինք եւ հպարտ, որ կը մասնակցէինք այսպիսի կարեւոր մրցաշարքի մը, բայց ունէինք փորձառութեան պակասը:
Այդ ախոյեանութեան ներկայ ըլլալով` վայրկեան մը կ՛երազէի, որ արդեօք օրին մէկը մեր խումբը պիտի հասնի՞ աւարտականին եւ ըլլայ տիտղոսակիր:
Իսկապէս ալ, այդ երազս իրականացաւ 11 տարի ետք, երբ մեր սիրելի խումբը` ՀՄԸՄ Անթիլիասը, հանդիսացաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց ախոյեան եւ այդ տիտղոսը բարձրացուց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, ըլլալով այս մրցաշարքին հիւրընկալ ակումբը:
Ախոյեանութիւնը ընթացաւ բաւական սուր պայքարի մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները:
Հասնելով աւարտական, մեր դէմ ունեցանք թունուզեան Սաքաքիսի խումբը, որ արաբական ախոյեանութիւններուն միշտ ալ եղած է տիրական ներկայութիւն մը:
Սակայն մենք ունէինք ոսկեայ առիթ մը տիրանալու համար տիտղոսին` մեր ունեցած զօրաւոր կազմին եւ մեր աննման համակիրներուն ներկայութեան:
Յաջողեցանք մեր այս պատմական առաքելութեան մէջ եւ տիրանալով տիտղոսին մեր անունը ոսկեայ տառերով փորագրեցինք արաբական պասքեթպոլի պատմութեան մէջ:
Պատասխանատու մարմիններ, յանձնախումբ, հովանաւորներ, մարզիչ, մարզիկներ, թեքնիք յանձնախումբ, համակիրներ` բոլորս միասին ձեռք-ձեռքի տալով հասանք մեր նպատակին եւ բարձր պահեցինք ՀՄԸՄ-ի անունը:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով: