Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը մէկ տարիով որակազրկեց Գրիգոր Սահակեանը:
Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թաթուլ Յովհաննիսեան իր կատարած յայտարարութեան մէջ յստակացուց այդ որակազրկումին պատճառները:
«Սահակեանը մեր հաւաքականին յառաջատարներէն է: Մենք ամբողջ տարին զինք կը պատրաստենք, գումար կը ծախսենք, հաւաքներու մէջ կ՛ընդգրկենք, միջազգային մրցաշարքերու կը ղրկենք:
«Սակայն ան մասնակցեցաւ այլ մարզաձեւի մը աշխարհի ախոյեանութեան, երբ մեր դիմաց ունինք ժիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Սահակեան նախընտրեց սամպոն», Թաթուլ Յովհաննիսեանի խօսքը մէջբերեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, իրենք մարզիկներուն այլ մրցաշարքերու մասնակցիլ չեն արգիլեր, եթէ անիկա չի խանգարեր ժիւտոյի յայտագիրին ծրագիրը:
Նոյնիսկ եթէ ատիկա պիտի կատարուի, պէտք է արտօնութիւն ստանալ ֆետերասիոնէն: