Ֆիլիփինեան մամուլը կը հաղորդէ, որ ֆիլիփինցի կռփամարտիկ Ճեֆրի Քլարօ մահացած է իր կատարած փորձերուն ընթացքին վնասուածքներ ստանալուն պատճառով:
Թէեւ 20 տարեկան կռփամարտիկը փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն բժիշկները չեն կրցած զայն մահաքունէ դուրս բերել:
18 հոկտեմբերին Քլարօ կատարեց իր վերջին` հինգերորդ մենամարտը: Ան հեռացաւ այս աշխարհէն` արձանագրելով յաղթանակ մը եւ կրելով չորս պարտութիւն, կը յայտնէ rappler.com կայքը:


