Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը` Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան ու մարոքեան օդանաւային ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ ակումբին դաշտին վրայ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ արտերկրի մէջ ապրոց լիբանանցիներու մինի ֆութպոլի առաջին մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու:
Աւարտական մրցումին ազդանշանը տուաւ նախարար Կիտանեան: Մրցումը աւարտեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն խումբին յաղթանակով:
Վերջինս 1-0 արդիւնքով յաղթեց Պրազիլի մէջ ապրող լիբանանցիներու խումբին: Հասան Եունես նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆետի Գանլըճեան եւ Էլիաս Հատտատ:

Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը կիսաւարտականին յաղթեց լիբանանեան երկրորդ խումբին (3-0), մինչ Պրազիլ` Սենեկալի (5-0):
Աւարտին տեղի ուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ նախարար Կիտանեանի եւ ներկայութեամբ այլ անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին` Աթլեթիքօ ակումբի նախագահ Ռոպեր Փաուլոյի եւ «Սփոր Էվազիոն»-ի նախագահ Պասսամ Թըրքի:


