
Լիբանանցի միջազգային նշանառու Ռէյ Պասիլ Նիւ Տելհիի մէջ (Հնդկաստան) տեղի ունեցած աշխարհի նշանառութեան բաժակի մրցաշարքին Լիբանանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը:
Ախոյեան հանդիսացաւ իտալացի Իզիա Էլիսիա, իսկ փոխախոյեան` աւստրալիացի Քաթրին Սքինըր:
Պասիլ իր 75 հարուածներէն 70-ը հասցուց իրենց նպատակին` աւարտական մրցումներուն ընթացքին: Իսկ կիսաւարտականի հանգրուանին` 25-էն 24-ը:
Կ՛ակնկալուի, որ Պասիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերուն ալ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրէ եւ իրաւունք ստանայ մասնակցելու Թոքիոյի մէջ (Ճափոն) տեղի ունենալիք 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:


