Վաղը` Ռիատի – Սաժես

PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու մրցումներ:
Շանվիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Անթունիէն, արձանագրեց 103-74 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (25) նշանակեց Ֆետի Խաթիպ: Անոր նման 4 թրի փոյնթ նշանակեց Էլի Ռըսթոմ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Մութթահետ յաղթեց իր հիւրին` Պիպլոսին, 77-72 արդիւնքով: Պիպլոսէն Մարքուս Հոլ նշանակեց 26 կէտ, իսկ Մութթահետէն Տերիըն Թաունզ` 24 կէտ:
4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Լուէյզի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պէյրութը, մինչ վաղը` կիրակի, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Մանարայի մէջ, Ռիատի` Սաժեսը: