ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ Մարոքի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան, այսօր Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին կը կատարէ իր երրորդ մրցումը, երբ կը ճակատի Նիզուա խումբին դէմ (Օման):
Իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրեց երկու տպաւորիչ յաղթանակ:
Այսօր կ՛ակնկալուի երրորդ յաղթանակը: