Շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Լուէյզի – Պէյրութ բացման մրցումով սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը:

PROFOFO
Պէյրութ, որ իր կատարած առաջին երեք մրցումներուն պարտութիւն կրած էր Լուէյզիի Զուք Մոսպեհի դաշտին վրայ, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 66-60 արդիւնքով (17-12, 10-19, 18-15 եւ 15-20):
Լուէյզի, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք ՀՄԸՄ-ի դէմ, կրեց իր երրորդ պարտութիւնը:
Պէյրութի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քրիս Քրոֆորտ (23):

PROFOFO
Ինչ կը վերաբերի Ռիատի – Սաժես պէյրութեան երէկուան մրցումին, Ռիատի արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 88-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սաժեսը (22-16, 20-16, 22-15 եւ 24-18):
Ռիատիէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քրիս Տանիելզ (14 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Սաժեսէն` Մայք Ֆրէյզըր (17 կէտ, 20 ռիպաունտ):
Յայտնենք, որ ասիկա երկու կազմերուն միջեւ եղաւ պէյրութեան 117 տերպին, որուն ընթացքին Ռիատի արձանագրած է 74 յաղթանակ, մինչ Սաժես` 42:


