«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ փոխախոյեան Սան Անթոնիօ Սփըրզ պարտութիւններ կրեցին:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Միլուոքի Պաքսի մաս կազմող Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ (33 կէտ), մինչ 34-ական կէտ նշանակեցին Քեմպա Ուոքըր (Շարլոթ Հոռնեթց) եւ Թիմ Հարտըուէյ (Նիւ Եորք Նիքս):
Երէկ 12 մարզիկներ տապըլ-տապըլ իրագործեցին:
Անոնց կարգին էին` Լեպրոն Ճէյմս (Քլիվլենտ Քաւալիրզ), Տուայթ Հաուըրտ (Շարլոթ Հոռնեթց) եւ ուրիշներ:
Երէկ եւ նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներէն ետք հինգական յաղթանակ արձանագրած են Տիթրոյիթ Փիսթընզ եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ, մինչ ամէնէն շատ պարտութիւնը (6) կրած են Աթլանթա Հոքս եւ Տալաս Մավըրիքս:
Կարգ մը խումբեր կատարած են 5 մրցումներ, մինչ ուրիշներ` 7:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ երէկ կրեց իր երրորդ պարտութիւնը` իր արձանագրած չորս յաղթանակներուն կողքին: Անիկա, այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի, որ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը միայն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Միլուոքի Պաքս – Աթլանթա Հոքս | 117-106 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 97-94 |
| Տենվըր Նակեթց – Պրուքլին Նեթց | 124-111 |
| Շարլոթ Հոռնեթց – Օրլանտօ Մեճիք | 120-113 |
| Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 110-83 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 114-95 |
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 115-107 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Պոսթըն Սելթիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Մայեմի Հիթ – Մինեսոթա Վուլվզ
Նիւ Եորք Նիքս – Տենվըր Նակեթց
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Նիւ Օրլինզ – Օրլանտօ Մեճիք
Եութա Ճեզ – Տալաս Մավըրիքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ


