Շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Հերսոնիսոս Կրետէի մէջ (Յունաստան) սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի մրցումները:
Տղոց մրցումներուն կը մասնակցին 40 խումբեր, իսկ աղջկանց պարագային` 32 խումբեր: Այս խումբերուն կարգին են, բնականաբար, Հայաստանի զոյգ կազմերը:
Տղոց կազմը, որ Ա. հանգրուանին ճակատեցաւ Զուիցերիոյ դէմ, յաղթանակ մը արձանագրեց 3-1 արդիւնքով: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան` հաւասարութիւններ:
Այսպիսով, հայրենի կազմը մրցաշարքը սկսաւ առանց Լեւոն Արոնեանի:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի կազմը եւս յաղթանակ արձանագրեց` 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Յունաստանի երկրորդ խումբը:
Էլինա Դանիէլեան, Մարիա Քուրսովա եւ Լիլիթ Գալոյեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան` հաւասարութիւն մը:
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, տղոց խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Յունաստանի կազմը:
Սակայն աղջկանց կազմը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց տիտղոսին գլխաւոր թեկնածու նկատուող Ուքրանիայէն:


