Շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Թունուզ մեկնեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական հեծելարշաւի առաջին ախոյեանութեան, որ սկսաւ երէկ եւ կ՛աւարտի հինգշաբթի, 2 նոյեմբերին:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 երկիրներ` Ալճերիա, Մարոք, Լիպիա, Եգիպտոս, Օման, Յորդանան, Լիբանան եւ Թունուզ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նազարէթ Հապիպեան, թեքնիք պատասխանատուն է Քայսար Սալլում, իսկ մարզիկներն են` Էլիաս Ապու Ռաշիտ, Սալահ Ռապպահ, Էմիլ Տաու եւ Եան Պուզան:
Պատուիրակութեան կ՛ընկերանայ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան` իբրեւ ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարար:


