Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի ազդանշանը կը տրուի այսօր` շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ – Շեպիպէ Շիահ մրցումը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Մնացեալ մրցումները կը շարունակուին երեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին: