Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն ռուս մարզիկներուն մասնակցութեան հարցը:
Միաձայնութեամբ որոշուեցաւ, որ ռուս մարզիկները պէտք է մասնակցին խաղերուն, բայց եւ այնպէս մասնակցութեան որոշումը պէտք է մարզիկները տան ինքնուրոյն, յայտնեց ռուսական մամուլը:
Ողիմպիական խաղերուն մասնակցութեան տոմս ապահոված եւ խթանիչ դեղերու գործածութեան հետ կապ չունեցող ռուս մարզիկները ողիմպիականին պիտի մասնակցին չէզոք դրօշի տակ` «ողիմպիական մարզիկներ` Ռուսիայէն» անունին ներքեւ: