Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, վաղը` հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերին, Անտոնեան համալսարանին մէջ (Հատաս, Պաապտա) տեղի կ՛ունենայ համաձայնագիրի կնքում` վերոնշեալ համալսարանին եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին միջեւ:
Յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին տեղի ունենալիք մամլոյ այս ասուլիսին ընթացքին համաձայնագիրը պիտի կնքեն Անտոնեան համալսարանի նախագահ հայր Միշել Ժալըխ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար:
Այս համաձայնագիրին կնքումին գլխաւոր նպատակն է` գործակցութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, այս մարզաձեւը աւելի զարգացնել համալսարանին մէջ, որպէսզի վերջինիս խումբերը աւելի լաւ արդիւնքներու հասնին: