
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) տեղի ունեցած թեքուանտոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Լիբանան կարեւոր իրագործում մը արձանագրեց, երբ լիբանանահայ միջազգային իրաւարար մասթըրզ Դանիէլ Խորասանճեան ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն իրաւարարը:
Նշենք, որ այս ընտրութեան համար նկատի առնուած էին չորս իրաւարարներ, որոնցմէ լաւագոյնը նկատուեցաւ Խորասանճեանը: