Լացիօ Ռոմայի նախագահ Քլաուտիօ Լոթիթօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբը կը մտադրէ դադրեցնել իր ելոյթները «Սերի-Ա.»-ին մէջ` նկատի ունենալով, որ ակումբին դէմ զգալի խարդախութիւններ կը կատարուին ինչպէս նաեւ անոր դէմ շղթայազերծուած է քաղաքական արշաւ մը, որպէսզի տարեշրջանը չաւարտէ առաջին չորսին մէջ:
Ակումբի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի ըսաւ, որ վերջին չորս մրցումներուն ակումբին նկատմամբ բաւական անարդարութիւններ կատարուած են: Ոմանք թոյլ չեն տար, որ խումբը կարենայ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրել: