Անգլիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած Լոնտոն-Չես-Քլասիք – «ՖԻՏԷ»-Օփընի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած հայրենի երկու կրանտմասթըրները, տիրապետելով իրենց մրցակիցներուն, խլեցին առաջին եւ երկրորդ դիրքերը` առաւելագոյն 9 կէտէն, ապահովելով 7.5-ական կէտ:
Գաբրիէլ Սարգսեան հանդիսացաւ տիտղոսակիր, մինչ Հրանդ Մելքումեան գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Վերջին հանգրուանին Մելքումեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս` Ալեքսանտր Մոթիլիովի հետ, մինչ Սարգսեան ճերմակ քարերով յաղթեց անգլիացի Ճոնաթըն Հոքինսի: