Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 2-րդ դիրքի վրայ գտնուող Ռոժէ Ֆետերեր 7-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Զուիցերիոյ տարուան լաւագոյն մարզիկը:
Նշենք, որ 2017-ին 36 տարեկան Ֆետերեր տիրացաւ եօթը տիտղոսի, յաղթելէ ետք Աւստրալիոյ եւ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն: Իսկ անոր մարզիչը` Սեւերին Լիութի, ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիչը: