Ռուսահայ կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան, որ Քեմերովոյի մէջ (Ռուսիա) իր մասնակցութիւնը բերաւ «WBA»-ի միջազգային ախոյեանութեան թեթեւագոյն քաշային կարգին, հանդիսացաւ ախոյեան: Ան աւարտականին հանգրուանին` 10 ռաունտ-նոց ճակատումին, 100-90, 98-92 եւ 94-96 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր մրցակիցին` Էրմոխենես Քասթիլիոյի դէմ (Նիքարակուա):
Մինչ Քասթիլիօ 12 յաղթանակներէ ետք կրեց իր առաջին պարտութիւնը, միւս կողմէ Ալոյեան արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր կատարած երրորդ մրցումին արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը: