Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Գագիկ Սարգսեան լրագրողներու հետ իր ունեցած մէկ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յառաջատար դահուկորդ Սերկէյ Միքայէլեան միակ մարզիկն ըլլալով ցարդ ապահոված է 2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերու իր տոմսը:
Ան յայտնեց, որ 20 յունուարին յստակ պիտի դառնայ, թէ Հայաստան քանի՛ դահուկորդներով պիտի մասնակցի ողիմպիական խաղերուն:
Սարգսեան աւելցուց նաեւ, որ մինչեւ ողիմպիական խաղերուն սկսիլը, Միքայէլեան մրցաշարքերու պիտի չմասնակցի` ծունկի վնասուածք ունենալուն համար:
Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը 20 յունուարին պիտի հրապարակէ դահուկարշաւի բոլոր մասնակցողներուն անունները (բոլոր երկիրներուն պարագային):