Մարզական

Lebanese football federation

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներ Եւ Տուգանքներ` Տարեվերջէն Առաջ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 2017 տարուան իր վերջին ժողովին ընթացքին, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրած մրցումներուն արդիւնքները, սահմանեց տուգանքներ եւ կախակայեց մարզիկներ ու պատասխանատուներ: Նախ եւ առաջ, Գ. դասակարգէն Ուխուա Խարայեպ մէկ միլոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Անոր մարզիկներէն Ապպաս Մհայտլի կախակայուեցաւ չորս մրցումով, իսկ Ալի Զորքոթ` երեք մրցումով: Նահտա Պար Էլիասի պատասխանատուներէն Քասեմ Սուէյտ վեց ամիսով կախակայուեցաւ` իր ունեցած ոչ...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Հոնկ Քոնկի Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով տիրացաւ Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Ժոլիմարք» միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով` ան առանձինը գրաւեց առաջին դիրքը եւ հանդիսացաւ տիտղոսակիր, երէկ յայտնեցին հայկական լրատուամիջոցները: 16 երկիրներու 97 ճատրակ  խաղացողներուն կարգին եղան 3 կրանտմասթըրներ, 2 միջազգային վարպետներ եւ ՖԻՏԷ-ի 7 վարպետներ:

Թեքուանտօ. Ալեքսիա Աւագեան` Առաջին, Քարլ Աւագեան` Երկրորդ

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն, երկու լիբանանահայեր, բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով, մրցանակային տեղեր ապահովեցին: Աղջկանց 42 քկ դասակարգի մրցումներուն Ալեքսիա Մարիա Աւագեան (2002-ի ծնունդ) կրտսերներու մրցումներուն հանդիսացաւ առաջին: Իսկ Քարլ Միշել Աւագեան (2003-ի ծնունդ)` իր մասնակցութիւնը բերելով կրտսերներու մրցումներուն, իր կարգին, 44 քկ դասակարգին մէջ արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ եւ հանդիսացաւ երկրորդ: Նշենք, որ երկուքը մաս կը...

Պիլտ. «Հենրիխ Մխիթարեան Կ՛ուզէ Վերադառնալ Պորուսիա Տորթմունտ»

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան կ՛ուզէ վերադառնալ իր նախկին ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ, որուն հետ հանդէս եկած է 2013-2016 տարիներուն, կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթը: Սակայն այս գծով յայտարարութիւն մը կատարելով, Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Հանս-Եոաքիմ Վացքէ ըսաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին վերադարձը գրեթէ անհաւանական է: Անգլիական մամուլին համաձայն, Մխիթարեանով հետաքրքրուած են տասը ակումբներ, որոնցմէ չորսը անգլիական են: Յամենայն դէպս կը...

Ուրբաթ, 5 Յունուար 2018-ին`  Լիբանանի Վոլիպոլի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2017-2018 Տարեշրջանին Բացման Հանդիսութիւն

Ուրբաթ, 5 Յունուար 2018-ին` Լիբանանի Վոլիպոլի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2017-2018 Տարեշրջանին Բացման Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, ուրբաթ, 5 յունուար 2018-ին յետմիջօրէին ժամը 17:30-ին, «Միշել Մըր»-ի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը: Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ այս պաշտօնական հանդիսութեան պիտի յաջորդէ տարեշրջանի բացման մրցումը` Շեպիպեթ Պաուշրիէի եւ Ռիատի Հըպուպի միջեւ: Նշենք, որ բացման հանդիսութիւնն ու...

«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեանը Յաղթեց, Փոխախոյեանը Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն ընթացքին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, արձանագրեց տարեշրջանի իր 28-րդ յաղթանակը, երբ 126-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Եութա Ճեզը: Ցարդ եօթը պարտութիւն կրած Ուորիըրզ այժմ կը գրաւէ Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը: Ճեզի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 21 կէտ: Փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ, սակայն, 109-95 արդիւնքով...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Կը Պատրաստուի Լիբանան – Թայփէ Մրցումին

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պատրաստութիւնները արդէն իսկ սկսած են 3-4 փետրուար 2018-ին տեղի ունենալիք Լիբանան-Թայփէ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիա-Ովկիանիա Բ. խմբակին մէջ կատարուելիք մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Թաատոտի (Պէյրութ) ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ: Այս մրցումին յաղթականը իր դէմ պիտի ունենայ Իրան-Հոնկ Քոնկ մրցումին յաղթականը: Լիբանանի կազմը, հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Նասրի...

«Եու. Սի. Մաս.»  Լիբանան Գրաւեց Առաջին Դիրքը

«Եու. Սի. Մաս.» Լիբանան Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Վերջերս Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ «Եու. Սի. Մաս.»-ի (ուղեղային արագ հաշիւներու) միջազգային 2017-ի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 72 երկիրներէ եկած երկսեռ աշակերտներ: Լիբանան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 30 երկսեռ աշակերտներով, գերազանցելով այլ երկիրներ եւ սքանչելի ու տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, խլեց առիւծի բաժինը` տիրանալով առաջնութեան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան: Մասնակցողներէն...

Պետմինթըն. Լիբանանի Կազմը Հանդիսացաւ Երրորդ

Թունուզի մէջ 23-27 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Պետմինթընի արաբական 3-րդ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Լիբանանի կազմը, բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով յաջողեցաւ գրաւել երրորդ դիրքը: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ալճերիա, Մարոք, Պահրէյն, Սուտան, Թունուզ եւ Լիբանան: Լիբանան հասաւ կիսաւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Մարոքէն (2-1):

Սերժ Սարգսեան. «Այս Տարի Մարզաշխարհի Ներկայացուցիչները Արձանագրեցին Լուրջ Յաջողութիւններ»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ մասնակցեցաւ տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներու պարգեւատրումի արարողութեան: Իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը ըսաւ. «2017-ին մեր մարզաշխարհի ներկայացուցիչները իսկապէս արձանագրեցին լուրջ յաջողութիւններ: «Մեզի համար ձեր յաղթանակները իսկապէս արժէքաւոր են: Անոնք մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն մէջ կ՛արթնցնեն մեծ ոգեւորութիւն: «Այս յաղթանակները մեզի համար սուղ են նաեւ այն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Բարեփոխուած Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի բարեփոխուած յայտագիրը, որ կրած է որոշ փոփոխութիւններ: Դարձի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ, որ սկզբունքով Պիպլոսի դէմ իր մրցումը պիտի կատարէր շաբաթ, 30 դեկտեմբերին (յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին), այժմ նոր յայտագիրին հիմամբ զայն պիտի կատարէ ուրբաթ, 29 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:...

Յակոբ Սերոբեան. «Լաւագոյն Տարբերակը Պաքու Չմեկնիլն Է»

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան, իր կողքին ունենալով մարզիկներ Յարութիւն Մերդինեանն ու Արթուր Թովմասեանը, ամփոփեց 2017 տարին: Ան ըսաւ, որ 2017 տարին կարելի է բաւական յաջող նկատել` նկատի ունենալով, որ հայ մարզիկները տիրացան 7 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ): Անդրադառնալով 2018 տարեշրջանին` Սերոբեան ըսաւ. «Նկատի ունենալով, որ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին նոր նախագահը ազրպէյճանցի է, Պաքուի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անթունիէ – Շանվիլ` 69-79

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած Անթունիէ - Շանվիլ մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Շանվիլի յաղթանակով` 79-69 արդիւնքով (18-25, 14-17, 19-20 եւ 18-17): Երէկուան մրցումէնPROFOTO Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճասթին Հոքինզ` 29 կէտ, 11 ռիպաունտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ): Անոր խմբակիցներ Ռոպերթ Ապշօ եւ Էլի Ռըսթոմ տապըլ-տապըլ իրագործեցին, մինչ...

«Էն. Պի. Էյ.». Սանզ 2 Կէտի Տարբերութեամբ Յաղթեց Կրիզլիզի… Մրցումին Վերջին Երկվայրկեանին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ բաւական հետաքրքրական ձեւով աւարտեցաւ Ֆէոնիքս Սանզ - Մեմֆիս Կրիզլիզ մրցումը ի նպաստ առաջինին` 99-97 արդիւնքով: Մրցումին աւարտին մնացած էր վեց երկվայրկեան միայն եւ արդիւնքը կ՛ընթանար 97-97 հաւասարութեամբ: Թայսըն Չէյնտլըր իր կատարած տանքին ընթացքին Թայսըն Չէյնտլըր սքանչելի փոխանցում մը ստանալէ ետք Տրական Պենտըրէն, իր նշանակած տանքով կերտեց իր կազմին յաղթանակը` 2 կէտի տարբերութեամբ:...

«Ռայ Սփոր»-ի Լրագրողները Գործադուլի Սկսան

«Ռայ Սփոր»-ի Լրագրողները Գործադուլի Սկսան

Իտալական «Ռայ Սփոր» պատկերասփիւռի կայանը, Եուվենթուսի եւ Թորինոյի միջեւ Թորինոյի տերպին, որ կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ, պիտի ցուցադրէ առանց մեկնաբանութեան, յայտնեցին իտալական շարք մը լրատու գործակալութիւններ: Կայանը այս որոշումին յանգեցաւ, որովհետեւ ալիքին մեկնաբանները եւ լրագրողները գործադուլի սկսան: Պատճա՞ռը: Որովհետեւ «Ռայ Սփոր»-ը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրաւունք չստացաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն աւարտական հանգրուանը...

Թոթենհամի Յառաջապահ Հերի Քէյնի Հաստատած Նոր Մրցանիշը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Թոթենհամ 5-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սաութհեմփթընը (20-րդ հանգրուան): Անկախ արձանագրուած այս արդիւնքէն, անիկա անմոռանալի եւ պատմական օր մը եղաւ Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյնի համար, որ չորս օրուան ընթացքին իր երկրորդ հեթրիքը իրագործեց: Իր նշանակած այդ կոլերուն շնորհիւ, ան կոտրեց «Փրեմիեր լիկ»-ի 22 տարուան մրցանիշը` գերազանցելով Էլըն...

Մանչինի Կրնայ Նշանակուիլ Ա. Սէ. Միլանի Մարզիչ

Ըստ իտալական մամուլին, Զենիթի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի շատ հաւանաբար վերադառնայ Իտալիա եւ ստանձնէ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչի պաշտօնը, որովհետեւ դժգոհ է Ռուսիա իր կեցութենէն: Ան այս ամրան ընթացքին, մինչեւ 2019-2020 տարեշրջանը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Զենիթի հետ:

Թոթենհամ Եւ Արսենալ Եւս Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով

Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտ Լի Փրայս կը յայտնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Թոթենհամ եւ Արսենալ: Կը նշուի, որ Մխիթարեան կ՛ուզէ մնալ Անգլիոյ մէջ եւ ելոյթ ունենալ «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ` մերժելով այլ առաջարկներ, որոնց կարգին են գերմանականը եւ իտալականը: 28 տարեկան Մխիթարեանով մօտէն հետաքրքրուած կը թուին ըլլալ Եուվենթուս, ինչպէս նաեւ անոր նախկին ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ:

Պարսելոնա Կը Պատրաստուի Մեծ Փոփոխութիւններու

«Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պարսելոնա 9 կէտի առաւելութիւն մը ունի Աթլեթիքօ Մատրիտի (2-րդ), 11 կէտի` Վալենսիայի, իսկ 14 կէտի` Ռէալ Մատրիտի վրայ: Բայց հակառակ ատոր, քաթալոնական կազմը, երթի մրցումներուն աւարտէն ետք, չի պատրաստուիր հանգստանալու եւ կը փորձէ լուրջ փոփոխութիւններ կատարել 2018-ին: Կը խօսուին շարք մը նորեկ մարզիկներու մասին, բայց ցարդ յստակ անուններ չկան: Նկատի ունենալով, որ ձմրան ընթացքին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբին Կատարելիք Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութիւններուն դարձի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները կը սկսին ուրբաթ, 5 յունուար 2018-ին: Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. (ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՅՈՒՆՈՒԱՐ) ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ահլի Նապաթիէ - ՀՄԸՄ 14:15 Քֆարժոզ 13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. (ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ) Պըրժ - ՀՄԸՄ 14:15 Սաֆա 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ....

Page 889 of 1278 1 … 888 889 890 … 1,278

Արխիւներ