Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն, երկու լիբանանահայեր, բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով, մրցանակային տեղեր ապահովեցին:
Աղջկանց 42 քկ դասակարգի մրցումներուն Ալեքսիա Մարիա Աւագեան (2002-ի ծնունդ) կրտսերներու մրցումներուն հանդիսացաւ առաջին:
Իսկ Քարլ Միշել Աւագեան (2003-ի ծնունդ)` իր մասնակցութիւնը բերելով կրտսերներու մրցումներուն, իր կարգին, 44 քկ դասակարգին մէջ արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ եւ հանդիսացաւ երկրորդ:
Նշենք, որ երկուքը մաս կը կազմեն Շանվիլ ակումբին, իսկ իրենց մարզիչն է Մասթըր Տանիել Խորասանճեանը: